Կոչ ենք անում դադարեցնել ռազմական գործողությունները, հարգել բոլոր երկրների գերիշխանությունը. Արամ Ա

Կոչ ենք անում դադարեցնել ռազմական գործողությունները, հարգել բոլոր երկրների գերիշխանությունը. Արամ Ա

Sat, 07 Mar 2026 23:30:25 +0400


Խոր մտահոգութեամբ կը հետեւինք Միջին Արեւելքի մէջ ծայր առած պատերազմին: Որոշ փորձագէտներ ներկայ պատերազմը կը նկատեն սկիզբը համաշխարհային երրորդ պատերազմին, իսկ ուրիշներ՝ զինուորական բախումներու երկար շղթայ մը: Ինչ մեկնաբանութիւն ալ տրուի, Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի կողմէ Իրանի դէմ շղթայազերծուած պատերազմական գործողութիւնները փաստօրէն հետզհետէ կը բարդանան, կը սաստկանան ու կը ծաւալին՝ ներառելով ամբողջ Միջին Արեւելքը եւ նոյնիսկ շրջանէն անդին անցնելու նախանշաններ ցոյց տալով: Անորոշութիւնը հետզհետէ կը խորանայ, քաոսը կը ծաւալի, մարդկային զոհերու ու վիրաւորներու թիւը կը բարձրանայ, ֆիզիքական քանդումները կը տարածուին ու գաղթականներու ալիքը կը ծաւալի:

Միջին Արեւելքի բոլոր երկիրները, առաւել կամ նուազ չափով, ենթակայ են պատերազմի ահաւոր հետեւանքներուն՝ ապահովական, ֆիզիքական, տնտեսական, ընկերային, քաղաքական եւ այլ մարզերէ ներս: Սակայն, Իրանը եւ Լիբանանը կը շարունակեն կրել պատերազմի անմիջական ու ծանր հետեւանքները:

Ինչպէս ծանօթ է, պատերազմական գործողութիւններուն ենթակայ բոլոր երկիրներուն մէջ հաստատուած համայնքներ ունինք: Անցնող օրերուն կրցանք կապ հաստատել մեր առաջնորդներուն եւ թեմական ու համայնքային պատասխանատուներուն հետ եւ անհրաժեշտ տեղեկութիւններ ստացանք եւ թելադրութիւններ կատարեցինք: Մեր համայնքներու անվտանգութիւնը մեր բոլորին համար հիմնական առաջնահերթութիւն է:
Արդարեւ, յստակ իրողութիւն է, որ շրջանի բոլոր երկիրներուն մէջ կայք հաստատած մեր համայնքներու անդամները տիպար քաղաքացիներ են, իրենց քաղաքացիական պարտականութիւնը լիովին կը կատարեն, հաւատարիմ են իրենց երկիրներու օրէնքներուն եւ միշտ պետութեան կողքին են՝ զօրակից անոնց իրաւունքներուն ու շահերուն եւ հետամուտ արդարութեան ու խաղաղութեան:
Մեր խոր ցաւակցութիւնը կը յայտնենք բոլոր զոհերու ընտանիքներուն եւ շուտափոյթ ապաքինում կը մաղթենք բոլոր վիրաւորներուն, ինչպէս նաեւ տունդարձ՝ բոլոր գաղթականներուն:

Կոչ կ՚ուղղենք պատերազմող կողմերուն դադրեցնելու բոլոր ռազմական գործողութիւնները, յարգելու բոլոր երկիրներու գերիշխանութիւնը, հողային ամբողջականութիւնն ու անվտանգութիւնը՝ միջազգային օրէնքին համաձայն, եւ քաղաքական երկխօսութեան ճամբով հարցերուն լուծումներ գտնելու: Միջին Արեւելքէն ներս արդարութեան ու փոխադարձ վստահութեան վրայ հիմնուած համապարփակ ու մնայուն խաղաղութեան հաստատումը միջազգային համայնքին ու Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան համար հարկ է դառնայ բացարձակ առաջնահերթութիւն, այլապէս շրջանը ինքզինք կրնայ գտնել նոր պատերազմներու սեմին:

Կը թելադրենք մեր համայնքներուն, աննախատեսելի վտանգներով լեցուն ներկայ պայմաններուն մէջ, ըլլալու արթուն ու կազմակերպ՝ համախմբուելով մեր եկեղեցիներուն ու համայնքային հաստատութիւններուն շուրջ. հետեւելու իրենց պետական կառոյցներու ցուցմունքներուն. հեռու մնալու անապահովութիւն յառաջացնող կացութիւններէ եւ զգոյշ ըլլալու ներ-համայնքային հաւաքներ կազմակերպելէ: Միաժամանակ կը թելադրենք մեր համայնքային մարմիններուն մօտէն հետեւելու ընտանիքներու կարիքներուն ու դժուարութիւններուն եւ անհրաժեշտութեան պարագային օգտակար հանդիսանալու:

Այժմ ա՛յս կը պահանջէ շրջանէն ներս ստեղծուած ներկայ վտանգալից կացութիւնը: Հարկ է մօտէն հետեւիլ նոր զարգացումներուն, որպէսզի կարելի դառնայ անհրաժեշտ մօտեցումներ ու ընելիքներ ճշդել: Նկատի ունենալով, որ մեր համայնքները տարբեր միջավայրերու մէջ կ՚ապրին, ընդհանրական մտահոգութիւններու առընթեր, անհրաժեշտ է յատուկ կարեւորութիւն ընծայել իւրաքանչիւր շրջանի համայնքին առնչուած մտահոգութիւններուն՝ համապատասխան մօտեցումներ ճշդելով տուեալ համայնքին կողմէ:

Կաթողիկոսարանը իր բոլոր կարելիութիւնները ի սպաս դրած է մեր համայնքներու ծառայութեան: Միաժամանակ Սփիւռքի մեր թեմերը, կազմակերպութիւններն ու բարերարները պատրաստ պէտք է ըլլալն անհրաժեշտութեան պարագային աջակցելու պատերազմի հետեւանքներուն ենթակայ մեր համայնքներուն:

Կ՚աղօթենք առ բարձրեալն Աստուած, որ իր երկնային խաղաղութեան ծիրանին կամար կապէ Միջին Արեւելքի վերեւ եւ փոխադարձ հասկացողութիւնը ամրացնէ ազգերու միջեւ եւ մեր ժողովուրդի զաւակները հեռու պահէ բոլոր վտանգներէն:

Հայրապետական օրհնութեամբ եւ հայրական ջերմ սիրով,

Աղօթարար՝

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ
7 Մարտ, 2026
Անթիլիաս, Լիբանան»:

© 2026 Secure News Portal

Source: Hraparak

Hraparak.am

Recent Posts

Մասկը հասարակության վրա վատ ազդեցություն ունի

Մասկը հասարակության վրա վատ ազդեցություն ունի Sat, 12 Sep 2026 02:00:46 +0400 Իլոն Մասկի՝ պաշտոնապես…

15 րոպե ago

Մահացել է աշխարհահռչակ հոքեյիստ Անդրե Պրոնովոն

Մահացել է աշխարհահռչակ հոքեյիստ Անդրե Պրոնովոն Sat, 12 Sep 2026 01:30:13 +0400 Մահացել է աշխարհահռչակ…

45 րոպե ago

Ինչով են օգտակար կանաչ բանջարեղենները

Ինչով են օգտակար կանաչ բանջարեղենները Sat, 12 Sep 2026 01:00:19 +0400 Կանաչ տերեւավոր բանջարեղենների կանոնավոր…

1 ժամ ago

Հայկ Սարգսյանը հենց 2018թ-ից է օլիգարխ դառնալու հավակնություններ ունեցել. վարչապետը նշել է՝ ինչ է տեղի ունեցել

Հայկ Սարգսյանը հենց 2018թ-ից է օլիգարխ դառնալու հավակնություններ ունեցել. վարչապետը նշել է՝ ինչ է տեղի…

2 ժամ ago

Որ վիտամիններն են օգտակար մաշկի համար

Որ վիտամիններն են օգտակար մաշկի համար Sat, 12 Sep 2026 00:30:18 +0400 Մաշկի առողջ վիճակը…

2 ժամ ago

Եվ Հայաստանում դեռ կա՞ն հուսահատ հայրենակիցներ, որոնք չեն հավատում, թե ՔՊ-ն հեռանալու է․ Նարեկ Կարապետյան

Եվ Հայաստանում դեռ կա՞ն հուսահատ հայրենակիցներ, որոնք չեն հավատում, թե ՔՊ-ն հեռանալու է․ Նարեկ Կարապետյան…

2 ժամ ago