Արամ Ա Վեհափառը Լիբանանի նախագահի հետ քննարկել է տարածքային ամբողջականության պահպանման հարցերը
Fri, 20 Nov 2026 22:26:28 +0400
Արամ Ա Վեհափառ Հայրապետն այցելել է Լիբանանի նախագահ Ժոզեֆ Աունին.
«Այսօր` Ուրբաթ, 20 Նոյեմբեր 2026-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը այցելեց Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ Զօրավար Ժոզէֆ Աունի, ընկերակցութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական եւ Քաղաքական ժողովներու դիւաններուն։
Հանդիպման ընթացքին, Վեհափառ Հայրապետը իր զօրակցութիւնը յայտնեց Հանրապետութեան նախագահին՝ բարձր գնահատելով անոր շարունակական ճիգերը՝ ամրապնդելու Լիբանանի ազգային միասնականութիւնը եւ ներքին խաղաղութիւնը, զարգացնելու երկրին տնտեսութիւնը եւ պահպանելու ապահովութիւնն ու կայունութիւնը։
Այս առիթով, Նորին Սրբութիւնը շեշտեց Լիբանանի հողային ամբողջականութեան, պետական գերիշխանութեան եւ անկախութեան պահպանման հրամայականը։ Ան նաեւ ընդգծեց հարաւային Լիբանանի բռնագրաւուած հողերէն Իսրայէլի հեռացման անհրաժեշտութիւնը։
Վեհափառ Հայրապետը վերահաստատեց, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը, իր աշխարհասփիւռ թեմերով ու համայնքներով, ինչպէս նաեւ Լիբանանի եւ Սփիւռքի հայութիւնը, զօրավիգ կը կանգնին Լիբանանի անկախութիւնը, հողային ամբողջականութիւնը եւ գերիշխանութիւնը ամրացնելու ճիգերուն։
Հանդիպման ընթացքին, Վեհափառ Հայրապետը նաեւ շնորհաւորեց նախագահ Ժոզէֆ Աունը Լիբանանի անկախութեան տօնին առիթով՝ շեշտելով, որ անկախութեան տարեդարձը իւրաքանչիւր լիբանանցիի համար պէտք է առիթ հանդիսանայ վերահաստատելու իր հաւատարմութիւնը Լիբանանի նկատմամբ։
Իր կարգին, Հանրապետութեան նախագահ Զօրավար Ժոզէֆ Աուն բարձր գնահատեց լիբանանահայ համայնքին նշանակալից ներդրումը Լիբանանի հասարակական կեանքին մէջ՝ շեշտելով, որ հայ համայնքը Լիբանանի հասարակութեան անբաժանելի մէկ մասնիկը կը կազմէ եւ իր գործօն մասնակցութեամբ կարեւոր դերակատարութիւն ունի երկրին զարգացման ու բարգաւաճման մէջ։
Հանդիպման աւարտին, Վեհափառ Հայրապետը Հանրապետութեան նախագահը հրաւիրեց կատարելու վերջերս կառուցումը աւարտած Կաթողիկոսարանի Պէզիքեան համագումարներու նոր կեդրոնին պաշտօնական բացումը։
Հանդիպման աւարտին, յանուն Վեհափառ Հայրապետին Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու, Քաթարի եւ Շրջակայից Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Մեսրոպ Արք. Սարգիսեան, արաբերէնով յայտարարութիւն մը կատարեց մամուլին»։