Հայ Առաքելական Ս․ Եկեղեցւոյ ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի 17 շաբաթօրեայ վարժարաններու տնօրէններու եւ ներկայացուցիչներու տարեկան ժողովը գումարուեցաւ 2025 թուականի Հոկտեմբերի 4-ին՝ Շաբաթ օր, Արեւմտեան Թեմի բարեխնամ առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. ՅովնանԱրք. Տէրտէրեանի օրհնութեամբ,բարեշնորհ Յովհաննէս սրկ. Գումրույեանի եւ Դոկտ. Էլի Անդրէասեանի ներկայութեամբ։
Առցանց ժողովի ընթացքին իւրաքանչիւր դպրոց ներկայացաւ իր վիճակագրական տուեալներով, տեղի ունեցան գաղափարներու փոխանակումներ եւ մշակուեցան ապագայ ծրագիրներ։
Ժողովն սկսաւ առաջնորդ, գերաշնորհ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի բացման խօսքով եւօրհնութեամբ։ Շաբաթօրեայ վարժարաններու ընդհանուր տեսուչ, բարեշնորհ Յովհաննէս սրկ.Գումրույեան կատարեց բացման խօսքը եւ ընթերցեց օրակարգը։ Յովհաննէս սարկաւագն ամփոփեց շաբաթօրեայ դպրոցներու ձեռք բերած յաջողութիւնները, ինչպէս նաեւ անոնց
վարկաւորումը՝ WASC ընկերութեան կողմէ, եւ արձանագրուած աշակերտութեան աճը։
Ըստ ներկայ վիճակին՝ շաբաթօրեայ դպրոցներ կը յաճախէն աւելի քան 1200 աշակերտ։
Շաբաթօրեայ դպրոցներու նպատակն է Քալիֆորնիոյ եւ անոր սահմանակից նահանգներու հայորդիներուն հոգեւոր եւ ազգային ինքնութեան դաստիարակութիւն տալ։ Հայոց լեզուի, հայոց պատմութեան եւ կրօնքի դասերէն բացի՝ դպրոցները կու տան նաեւ պարի, երգի, թատրոնի, ասմունքի, ճատրակի եւ ըմբշամարտի ժամեր։
Արեւշատ առաջնորդ հայրը եւ դպրոցներու խնամակալ մարմինի անդամները պարբերաբար այցելութիւններ կ’ընեն կրթարաններ, կը ծանօթանան աշակերտներուն, ուսուցչական կազմին եւ դպրոցի ներքին կեանքին։
Յովնան սրբազանը շնորհաւորեց շաբաթօրեայ դպրոցներու կրթական մշակները, մաղթեց անոնց նորանոր յաջողութիւններ եւ յայտնեց, որ Գլենտէյլի եւ այլ քաղաքներու մէջ կը կատարուին
բազմաթիւ շինարարական աշխատանքներ, որոնք պիտի ընծայեն դպրոցներուն աւելի ընդարձակ տարածքներ՝ իրենց առաքելութիւնն էլ աւելի արդյունավետ կերպով իրականացնելու համար։
Ժողովը աւարտեցաւ աղօթքով։
Source: USAArmenia
Ցավոտ է, չէ՞․․․ Mon, 27 Jul 2026 15:15:39 +0400 Շարքային քաղաքացուն կարելի է ծեծել, քացու…
Ադրբեջանի դարաշրջանը ավարտվում է․ Նարեկ Կարապետյանը Հայաստանի հնարավորությունների մասին Mon, 27 Jul 2026 15:08:58 +0400…
Աստծու անունը կարելի է արտասանել նույնիսկ այն ժամանակ, երբ մարդու սիրտը հեռու է նրա կամքից…
Ծառուկյանի թիմակիցները նամակ հանձնեցին Իրանի դեսպանին Mon, 27 Jul 2026 14:53:18 +0400 Կալանավորված Գագիկ Ծառուկյանի…
Ուկրաինան՝ իշխանափոխության հրամայականի առջև Mon, 27 Jul 2026 14:45:30 +0400 «Վստահ եմ՝ վաղ թե ուշ…
Զորքերը դուրս չեն բերվի․ Նեթանյահուն հակադրվում է ԱՄՆ-ին Mon, 27 Jul 2026 14:30:20 +0400 Միացյալ…