Անկախությունը պետք է պահել հավատարմությամբ․ Արամ Ա
Mon, 21 Sep 2026 10:48:57 +0400

Մեծի Տանն Կիլիկիո Արամ Ա Կաթողիկոսը հանդես է եկել ուղերձով.
«Այսօր 21 Սեպտեմբեր Հայաստանի անկախութեան օրն է։
Անկախութիւնը աստուածատուր պարգեւ է. զայն պէտք է պահել հաւատարմութեամբ։ Անկախութիւնը նաեւ մարդկային իրաւանց հիմնական սկզբունքներէն մէկն է. զայն հարկ է յարգել։
Անկախութեան ամուր պահպանումը ու անոր սկզբունքներուն, արժէքներուն ու հրամայականներուն նկատմամբ հաւատարմութիւնը կ՚ենթադրէ հաւատք, կամք ու պայքար։
Ա՛յս գիտակցութեամբ հայ ժողովուրդը կերտեց ու պահպանեց իր անկախութիւնը. եւ երբ պատմութեան պայմաններուն պարտադրանքով կորսնցուց՝ զայն վերահաստատելու տեսլականը վերածեց ամէնօրեայ պայքարի։
Արդարեւ, հայրենիքին հզօրացման ու զարգացման եւ մեր ժողովուրդին անսասանութեան ու յաւերժութեան աղբիւրը անկախութիւնն է։
Հայաստանի անկախութեան նշումը պատգամ մըն է ուղղուած իւրաքանչիւր հայուն՝ հաւատարիմ ըլլալու անկախութեան որպէս սրբազան արժէք»:
Source: Hraparak
Լրահոս – Lrahos Լուրերի անսպառ աղբյուր